ԶԱՐԹԻ՛Ր, ԼԱՕ
Խուժան ազգեր զօրք է ժողուէր
Եկեր Մշոյ դաշտն է պատել
Սուլթան կուզէ ջնջել մըզի,
Զարթի՛ր լաօ, մռնիմ քըզի:
Խեղճ Մշեցին մնաց լալով,
Օտար երկիրներ ման գալով.
Մեռաւ թուրքի պարտքը տալով,
Զարթի՛ր լաօ, մռնիմ քըզի:
Ինչ անիծեմ թուրք ազգերին
Որ սպաննեց ջոջ Ափօյին.
Մեր յոյսը թողեց օրօրոցին,
Զարթի՛ր լաօ, մռնիմ քըզի:
Սուլթան կուզէ ջնջել մըզի,
Զարթի՛ր լաօ, մռնիմ քըզի: